«Մեր Բոլորիս Ուխտավայր Ճեմարանին» Առցանց Նուիրահաւաք

Ամբողջ աշխարհի մէջ 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանին «Քորոնա» ժահրը ծանր հարուած հասցուց կրթութեան մարզին. զանազան երկիրներու մէջ դպրոցները փակուեցան, եւ այս մէկը ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ աշխարհի աշակերտներուն մեծ մասին վրայ: Լիբանանի մէջ, համաճարակը եւ երկրին մէջ արդէն իսկ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական փոթորկալից իրավիճակը միասնաբար ստեղծեցին աննախընթաց տագնապ մը կրթութեան մարզին համար: Հոկտեմբեր 2019-էն սկսեալ դասարանային դասաւանդումը բազմաթիւ անգամներ ընդհատուեցաւ եւ մարտ 2020-էն ետք փոխարինուեցաւ առցանց հարթակներով: Այս իրավիճակին զուգահեռ` արագ աճող անգործութեան, սղաճի եւ լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկման պատճառով Ճեմարանի աշակերտները, ծնողները եւ անձնակազմը եւս ծանր կացութեան մատնուեցան:

Ճեմարանը, ինչպէս միշտ, յանձնառու է իր առաքելութեան եւ ներկայ պայմաններուն մէջ` ա՛լ աւելի յանձառու:

Նկատի առնելով վերոնշեալները, ընթացք կ՛առնէ «Մեր բոլորիս ուխտավայր ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ» առցանց նուիրահաւաքը` միասնաբար շրջանցելու այս փուլը եւ արձագանգելու համաճարակի ժխտական հետեւանքներուն, միաժամանակ ամրապնդելու դպրոցին երկարատեւ կայունութիւնը: Առ այդ, ճշդուած են դրամահաւաքի երեք հիմնական ուղեգիծեր.

1) «Սաներու ֆոնտ»-ին եւ դպրոցի ընկերային ծառայութեան գրասենեակին անմիջական յաւելեալ եկամուտ ապահովել:

2) Դպրոցին առցանց դասաւանդման կարողութիւնը զարգացնել` արդիականացնելով տեղեկատուական արհեստագիտութեան ենթակառոյցը եւ ձեռքբերելով համապատասխան համակարգչային ծրագիրներ:

3) Դպրոցին մէջ անմիջական առողջապահութեան պայմանները բարելաւել:

Մենք կը դիմենք մեր շրջանաւարտներուն, բարեկամներուն եւ Ճեմարանի մեծ ընտանիքի անդամներուն` աջակցելու այս նախաձեռնութեան եւ արձագանգելու մեր կոչին:

Ձեր աջակցութիւնը պիտի նպաստէ անմիջական այս տագնապը շրջանցելու, ինչպէս նաեւ դպրոցի հզօրացման եւ կայունացման:

Բոլորիս զօրակցութեամբ 90-ամեայ Ճեմարանը տակաւին երկար տարիներ պիտի գոյատեւէ` կառչած մնալով հայեցի դաստիարակութիւն եւ բարձրորակ կրթութիւն ջամբելու իր առաքելութեան:

Նուիրահաւաքին մասնակցելու համար սեղմել հետեւեալ կապը`

www.djemaran.edu.lb/donate

Շնորհակալութիւն:
Լաւագոյն մաղթանքներով`
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ