ԵՐԿՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ՝ «MODEL EUROPEAN UNION»-Ի

Դեկտեմբեր 2019-էն Փետրուար 2020, ԺԱ. դասարանի աշակերտներու պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ MEU-ի (Model European Union) ֆրանսերէն լեզուով ծրագրին, LAU համալսարանին մէջ, ուր աշակերտները խորացուցին իրենց գիտելիքները Եւրոպական Միութեան մասին:

Այս նախաձեռնութեան աւարտին, մասնակցող աշակերտներէն Ցոլեր Գէորգեան արժանացաւ «Position Paper» մրցանակին, իսկ Ճոն Ժըհայեմ՝«Best Improvement»: Կը շնորհաւորենք զիրենք եւ մեր բոլոր մասնակից աշակերտները, որոնք ճիգ չխնայեցին եւ այս ծրագրին շնորհիւ նոր փորձառութիւն ու գիտելիքներ շահեցան: