ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ ՆԵՐՍ

Ուրբաթ, 21 Փետրուար 2020-ին, Նորսիկեան Մանկապարտէզէն ներս տօնական օր էր: Մանկապարտէզի փոքրիկները երգով ու պարով, դափ ու ծիծաղով տօնեցին Բարեկենդանը:

Կէսօրին, երեխաները միասնաբար ճաշեցին, ապա անցան դասարանները եւ ծպտուեցան՝ հագնելով իրենց դաստիարակներուն հետ պատրաստած տարազները, որմէ ետք իջան բակ, ուր երգեցին ու պարեցին եւ կարկանդակ կտրեցին: