Զ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԳԻՐՔ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ «ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ» ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ

Գիրք նուիրելու օրուան առիթով, Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2020-ին, Նախակրթարանի Զ. դասարանի զոյգ բաժիններու աշակերտները, իրենց հայերէնի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ, այցելեցին Տարրական բաժնի «Թումանեան» գրադարանը եւ մէկական գիրք նուիրեցին:

Գիրքերու ընտրութիւնը պատահական չէր: Աշակերտները գրադարանին նուիրեցին Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներէն, որովհետեւ Փետրուար 19-ը կը զուգադիպի «ամենայն հայոց բանաստեղծի» ծննդեան օրուան:

Գրադարանի պատասխանատու՝ Տիկ. Իրմա Գապագեան-Տէտէեանը դիմաւորեց աշակերտները եւ տեղեկութիւններ տուաւ գրադարանին մասին: Աշակերտները խօսեցան գիրք նուիրելու եւ գիրք ընթերցելու կարեւորութեան մասին, ինչպէս նաեւ յիշեցին մեծ բանաստեղծին կեանքէն դրուագներ: Անոնք ամբողջ պահ մը անցուցին գրադարանը, կարդացին եւ բառախաղ խաղացին: