ԶՈՄ ԶՈԳ-Ի ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՃԵՄԱՐԱՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան ուսանողական գրասենեակին Շաբաթ, 27 Մարտ 2010-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական վարժարաններու երկրորդական դասարաններու միջ-դպրոցական զարգացման մրցումը, որ կ’ընդգրկէր պատմական, հայկական, գրական, աշխարհագրական, գիտական, թուաբանական, մարզական, մշակութային եւ այլազան 50 հարցումներ: Զարգացման մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 9 դպրոցներ, իւրաքանչիւրը՝ 4 աշակերտներով….