ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2012-ի առաւօտեան միջնակարգի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ճամբայ ելան դէպի Ֆարայա։ Ֆարայայէն Ֆաքրա տանող ճանապարհին, ձիւնածածկ լերան մը լանջին, աշակերտները հաճելի ժամեր անցուցին՝ սահելով ու ձիւնագնդակ խաղալով։ Ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ Մէյրուպայի մօտ գտնուող ճաշարանի մը մէջ,ուր ճաշելէ եւ հանգստանալէ ետք, ձիւնագնացները վերադարձան դպրոց։

ԵՐԵՒԱՆԻ «ԱՆԱՆԻԱ ՇԻՐԱԿԱՑԻ» ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի եւ Երեւանի «Անանիա Շիրակացի»ի անուան Ճեմարանի միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ, 6 Փետրուարէն 15 Փետրուար 2012, Ճեմարանի մէջ հիւրընկալուեցան Երեւանէն երկու ուսուցիչներ՝ Աշխէն Գրիգորեան եւ Արթուր Գաբրիէլեան։ Հայրենի հիւրերը յիշեալ 10 օրերուն մնայուն ներկայութիւն եղան դպրոցին մէջ եւ ծանօթացան Ճեմարանի բոլոր բաժիններուն, անոր…

“HAPPY HOUR AT RD”

Երկրի տնտեսական կացութեան եւ սղութեան պատճառով, 2011-2012 տարեշրջանի աւարտական դասարանի ընկերային յանձնախումբը կազմակերպեց ձեռնարկ մը՝ տարեվերջի հանդէսի ծախսերը թեթեւցնելու նպատակով։ Ձեռնարկը՝ “Happy hour at Rd” անուան տակ, տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 1 Մարտ 2012-ին, Roadster ճաշարանէն ներս, Ժալ Էլ Տիպ։ Ժամը 4։30-էն սկսեալ, մեծ ժպիտով ընդունեցինք մեզ քաջալերողները, որոնք…

ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԱՍԻՆ

Երկուշաբթի 27 Փետրուարէն Ուրբաթ 2 Մարտ, Ճեմարանի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան այցելեց մանկապարտէզէն Զ. դասարաններու աշակերտներուն եւ խօսեցաւ Զուարթնոց կեդրոնի մասին, ներկայացնելով հոն յաճախող աշակերտներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Ընկերային ծառայողը շեշտեց, որ նպատակը միայն դրամահաւաք չէ, այլ՝ գիտակցիլ, որ կան նուազ կարողութիւններով օժտուած երեխաներ, որոնք իրաւունք ունին ուսման, հոգատարութեան…

ԱՐՋԱՄՈՒԿԸ

Տարրական բաժինի Ա. Դասարաններու աշակերտները գիտութեան դասապահուն հիւրընկալեցին Դերային չարաճճի արջամուկը՝ Թայսընը։ Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ դիտեցին այս հետաքրքրական հիւրը, ուսումնասիրեցին զինք եւ անոր մասին տեղեկութիւններ ստացան։ Այս հիւրընկալութեամբ աշակերտները թէ´ զուարճացան եւ թէ ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները։

ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐԹՈՒՐ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երեքշաբթի, 14 Փետրուար 2012-ին, Զ. դասարաններու աշակերտները թուաբանութեան դասապահուն կատարեցին խմբական աշխատանք (վարժութիւններ եւ տրամաբանական խնդիրներ), հսկողութեամբ՝ Երեւանի «Անանիա Շիրակացի» անուան Ճեմարանի ուսուցիչ Արթուր Գաբրիէլեանի։ Վերոյիշեալ աշխատանքին նպատակն է նիւթի իւրացում, խնդիրներու լուծում եւ մանաւանդ՝ համագործակցութիւն։

ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՄԷՋ

Զ. Դասարաններու աշակերտները ֆրանսերէն լեզուով պատմութիւն-աշխարհագրութիւն դասանիւթի ծիրէն ներս սորվեցան Միջին Արեւելքի հին ժողովուրդներուն եւ անոնց մշակոյթին մասին։ Աշակերտները ըստ իրենց ընտրութեան կատարեցին ուսումնասիրութիւններ՝ երկրի մը եւ անոր բնակչութեան մասին։ Անոնք իրենց աշխատանքներուն ներկայացումը կատարելէ ետք, զանոնք զետեղեցին պատի թերթի վրայ։

ԼԵՎԱՄ

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, Կիրակի 26 Փետրուար 2012-ին, առաւօտեան ժամը 8-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին մէջ տեղի ունեցան ԼԵՎԱՄի աթլեթիզմի խաղերը, որոնք կ’ընդգրկէին կարճ եւ երկար վազքի, գունդի նետման, մէկ քայլ ոստումի եւ դրօշարշաւի մրցումներ: Այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 177 երկսեռ…

«ԽԵՑԻՆԵՐ»

Ուրբաթ, 24 Փետրուար 2012-ին, Թ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան «Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական գրասենեակին կազմակերպած «Խեցիներ» թատերգութեան աշակերտական ելոյթին։ Ճեմարանի շրջանաւարտ Հրակ Փափազեան լաւագոյնս մարմնաւորեց կերպարը այն երիտասարդին, որ զաւակն է խման հօր ու անոր հարուածներուն մնայուն զոհը դարձած մօր։ Այդ զաւակը դարձած է թմրամոլ ու հասած բուժարան, ուր…

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ

Մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց շատ սիրելի տօնը՝ բարեկենդանը, նշեցին Չորեքշաբթի 15 Փետրուար 2012-ին։ Անոնք առաւօտեան սովորական ժամուն ծպտուած դպրոց ժամանեցին ։ Ուսուցիչները այդ օրուան համար յատուկ յայտագիր, խաղեր ու հիւրասիրութիւն պատրաստած էին։ Փոքրիկները երգեցին, պարեցին ու «տողանցեցին» մինչեւ տնօրէնութեան գրասենեակներն ու տարրական բաժին, այցելեցին իրենց մեծ ընկերներուն եւ անոնց…

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան վարչութեան, Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2012-ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին մէջ տեղի ունեցաւ 2010-2011 տարեշրջանի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» սերունդի ընդունելութիւնը` կնքահայրութեամբ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի: Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Փաթիլ Եսայեան, որ նշեց, թէ այս տարի 62 նոր…

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2012-ին տարրական բաժինի աշակերտները խանդավառ մթնոլորտի մէջ նշեցին բարեկենդանը։ Անոնք երգեցին, արտասանեցին եւ ցուցադրեցին իրենց տարազները։ Այս բոլորէն ետք անոնք ճաշակեցին դպրոցին կողմէ տրամադրուած «պրիոշ»ները։ Հետաքրքրական խաղերէ ետք, բարեկենդանի ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ խմբական պարերով։