ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ
Երեքշաբթի, 27 Մարտ 2012-ին Ժ. Եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան ուսման կողմնորոշման եւ Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններու մասին դասախօսութեան մը, որ power point-ով ներկայացուեցաւ Ճեմարանի երկու շրջանաւարտներու՝ Սեպուհ Տօնիկեանի եւ Մհեր Գաւլաքեանի կողմէ։ Սեպուհն ու Մհերը անդամ են Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակի (ԶՈԳ)։ Անոնք մանրամասնօրէն խօսեցան համալսարաններուն մասնագիտութիւններուն…
