ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀՐՇԷՋՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ

Ուրբաթ, 16 Մարտ 2012-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին հրշէջներու կեդրոն։ Աշակերտները դիտեցին հրշէջին տարազը եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւնները։ Անոնք բարձրացան հրշէջներու ինքնաշարժը եւ ուսումնասիրեցին անոր զանազան բաժանումները։ Այս այցելութեամբ աշակերտները ամրապնդեցին իրենց բառամթերքն ու գիտելիքները։ Անոնք գոհ եւ ուրախ վերադարձան դպրոց։