ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ

Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2012-ին, կէսօրէ ետք, ժամը 4։00-էն 6։00, աւարտական դասարանի աշակերտները իւրայատուկ ձեւով նշեցին ուսուցիչներու տօնը, Չալեան սրահին մէջ։ Ձեռնարկին հրաւիրուած էին երկրորդական բաժինի ուսուցիչները։ Բացման խօսքը կարդացին Արփի Մարոնեան եւ Սեպուհ Թորիկեան, որոնք ուսուցիչներուն մաղթեցին առողջութիւն, յաջողութիւն եւ երկար կեանք, ապա հրաւիրեցին տնօրէնը, որպէսզի իր խօսքը փոխանցէ ներկաներուն։ Տիգրան Ճինպաշեան բարձր գնահատեց Ճեմարանի ուսուցիչներուն միաժամանակ յանձնառու աշակերտ եւ հայ պատրաստելու առաքելութիւնը։ Այնուհետեւ Սիպել Աւետիսեանի եւ Սեպուհ Թորիկեանի պատրաստած ֆրանսերէն լեզուով զանազան տեսակի հարցումներ ընդգրկող խաղը ներկայացուեցաւ Փաթիլ Տէտէեանի եւ Անտրէա Գաժագժեանի կողմէ։ Մեծ խանդավառութեամբ խաղալէ ետք, ներկաները հրաւիրուեցան հայկական շուրջպարի։ Ուսուցիչներու տօնին նուիրուած այս հաւաքոյթէն ետք, մեր երախտագիտական ջերմ զգացումները կը փոխանցենք մեր նախկին ուսուցիչներուն, որոնց ճիգերով մենք հասանք աւարտական դասարան։ Ձեր բոլորին վարձքը կատար մեր բոլորին ուխտավայր Ճեմարանին մէջ։ Սեպուհ Թորիկեան ԺԲ. Դասարան