ՔԵՆ ԽԱՉԻԿԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 27 Փետրուար 2012-ին, Ճեմարան այցելեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան, ընկերակցութեամբ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Վերա Եագուպեանի։ Ան աշակերտներուն ներկայացուց Հայ դատի յանձնախումբի գործունէութիւնն ու դերը Միացեալ Նահանգներու մէջ շեշտելով, թէ ի´նչպէս ամերիկահայ երիտասարդները կը մասնակցին Հայ դատի աշխատանքներուն։ Այս առնչութեամբ ան ըսաւ, որ Ամերիկայի մէջ գոյութիւն ունի աշխարհագրական հարց, որովհետեւ հայերը իրարմէ բաւական հեռու շրջաններու մէջ կը գտնուին։ Քեն Խաչիկեան իր խօսքի աւարտին ներկայացուց համալսարանականներուն համար պատրաստուած յայտագիրը, որուն կը մասնակցին աշխարհի չորս կողմէ եկած հայեր եւ քանի մը շաբաթուան տեւողութեամբ աշխատանք կը տանին Հայ դատի յանձնախումբին հետ։ Անտրէա Գաժագժեան ԺԲ դասարան