ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Շաբաթ, 7 Մայիս 2011-ի յետմիջօրէի ժամը 3։30-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ Նորսիկեան մանկապարտէզի ցուցահանդէսը՝ ներկայութեամբ տնօրէնութեան, Ճեմարանի անձնակազմին, ծնողներու եւ բարեկամներու։ Մանկապարտէզին բակը վերածուած էր հրաշալիքներու աշխարհի. ամէն կողմ գունաւոր, ամէն կողմ զարդարանք. հոս՝ Ծիծեռնակաբերդը, հոն՝ Շուշիի ազատագրումը, քիչ մը անդին՝ դղեակներ, պալատներ, իսկ չորս կողմերը՝ ծաղկամաններ, թաղարներ, ծաղիկներ,…
