«Ֆրանքֆըրթր Նայթ»

Շաբաթ 30 Ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00էն սկսեալ, մօտ 200 շրջանաւարտներու, աշակերտներու եւ բարեկամներու ներկայութեամբ, ճոխ եւ հարազատ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ «Frankfurter Night»- ը: Յայտագիրը բացուեցաւ քարաօքէ-ով: Հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ արաբերէն երգերով մօտ երկու ժամ տեւողութեամբ ներկաները խանդավառեցին երեկոն: Մինչ այդ, ճաշը կը պատրաստուէր բոլորին առջեւ՝ ոմանք զբաղած էին միսը խորովելով, ուրիշներ սպասարկելով: Յայտագիրը փակուեցաւ հայկական շուրջպարներու շարքով մը: