ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ

Տարրական բաժինի աշակերտները թուրքերու կողմէ գործադրուած Մեծ Եղեռնի մասին իրենց տարիքային մակարդակի մօտեցումով տեղեկութիւններ ստացան ուսուցիչներէն։ Երկուշաբթի, 18 Ապրիլին, աշակերտները Ճեմարանի մուտքին գտնուող նահատակ գրագէտներու որմնաքանդակներուն առջեւ ծաղիկներ զետեղեցին, յարգելով անոնց յիշատակը։