ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՊՏՈՅՏԸ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլին տեղի ունեցաւ անձնակազմին շրջապտոյտը դէպի արեւելեան Պեքաա։ Ուսուցիչներէ ու պաշտօնեաներէ բաղկացած 50 հոգինոց խումբին առաջին հանգրուանը Քսարայի քարայրն էր։ Քսարայի պատմութեան ծանօթանալէ ու գինին համտեսելէ ետք, Ճեմարանի անձնակազմը ուղղուեցաւ դէպի Ռաշայա գիւղ, ուր շրջագայելէ ետք, այցելեց պատմական Ռաշայայի բերդ։ Խումբը կէսօրին ճաշեց Շթորայի Մասապքի պանդոկին մէջ, ապա այցելեց Քարաոնի ջրամբար, ուր մեծ հաճոյքով նաւարկելէ ետք, բռնեց վերադարձի ճամբան։ Ճեմարանի Ընկերային Յանձնախումբ