ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ Կ’ՈԳԵԿՈՉԵՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ՐԴ ԱՄԵԱԿԸ

Ապրիլ ամսուան ընթացքին նախակրթարանի աշակերտները կատարեցին ցեղասպանութեան նուիրուած պատի թերթի աշխատանքներ։ Ցեղասպանութեան յիշատակման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 15 Ապրիլին նախակրթարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Այնթուրայի որբանոցին մասին դասախօսութեան մը՝ դպրոցէն ներս։ Հիւր դասախօս Նորա Բարսեղեան տեսասալիկի ցուցադրութեամբ ներկայացուց 1915-էն 1916 Սէն Ժոզէֆ վարժարան (այնուհետեւ՝ որբանոց մինչեւ 1919) հասած հայ որբերուն խղճալի վիճակը, անոնց կրած դժուարութիւնները, տառապանքները եւ թուրքերու վարած թրքացման քաղաքականութիւնը: Դասախօսութեան աւարտին Նորա Բարսեղեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։ Երկուշաբթի, 18 Ապրիլի առաւօտեան, նախակրթարանի եւ Է. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Այնթուրայի Սէն Ժոզէֆ վարժարանին մէկ անկիւնը գտնուող հայ որբերու գերեզմանը, ուր յիշատակի ու յարգանքի խօսքեր կարդացին Սելին Մելքոնեան՝ հայերէն լեզուով, իսկ Ալիք Մեսրոպեան՝ ֆրանսերէն։ Ապա աշակերտները ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ զետեղեցին անոնց շիրիմին։ Նոյն օրը, վերջին պահերուն, աշակերտները ներկայ գտնուեցան Լսարանական Միութեան ու միջնակարգի աշակերտութեան կազմակերպած ոգեկոչման ձեռնարկին։