ՅԱՐԳԱՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Ուրբաթ, 6 Մայիսին, միջնակարգի Ը., Թ. եւ երկրորդականի Ժ.,ԺԱ. դասարաններու աշակերտները, լիբանանահայ այլ վարժարաններու կողքին, մասնակցեցան Ազգային առաջնորդարանին կազմակերպած, Նահատակաց տօնին առիթով ձեռնարկին եւ ծաղկեպսակներու զետեղումին` Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանին դիմաց։ Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ եւ Ճեմարանի ուսուցիչ Ճորճ Գրիգորեան: Ան հաստատեց, որ Մայիս 6-ի նահատակները առաջիններն էին, որոնք նահատակուեցան, եւ անոնք գրողներ ու մտաւորականներ էին: Ան նկատել տուաւ, որ նահատակները լիբանանեան զանազան շրջաններէ եւ տարբեր համայնքներէ էին: «Մայիս 6-ը ոգեկոչելով` կը յիշեցնենք ապրողներուն, որ այն ժողովուրդը, որ կ՚ուրանայ իր անցեալը, չի կրնար կերտել իր ապագան», եզրափակեց Ճորճ Գրիգորեան: Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան շեշտեց, որ Ապրիլ 24-ի պահանջատէր հայութեան սերունդները չեն կրնար անտեսել լիբանանեան հայրենիքի Մայիս 6-ի նահատակները: «Նահատակներ մահացած մարդիկ չեն. անոնք ողջ եւ ապրող իրականութիւններ են: Նահատակները հերոսներ են, իսկ հերոսները` քաջեր», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ նահատակը իր կեանքին մէջ հաւատացած է սրբութիւններու, արժէքներու, նուիրական իտէալներու, եւ անոնց համար իր կեանքը տրամադրած ու զոհած է: Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ հայ աշակերտները նահատակներու ճամբէն կը քալեն: «Նահատակները արդարութեան, ճշմարտութեան ճամբէն կը քալեն եւ ոչինչ կը կեցնէ զիրենք», շեշտեց Գեղամ արք. Խաչերեան` աւելցնելով, որ նահատակները այն հերոսներն են, որոնք սերունդներուն առջեւ ճամբան կը բանան, բոլոր խոչընդոտները կը քանդեն եւ իրենց ձեռքի շահին կրակով բոլոր պատուարները կ՚այրեն, որպէսզի սերունդները քալեն արդարութեան, անկախութեան եւ արժանապատուութեան ճամբէն: Սրբազանը նաեւ հաստատեց, որ գիրի եւ գիտութեան կողքին աշակերտներուն դաստիարակութեան մէջ նուիրական արժէքներու` արժանապատուութեան, անկախութեան եւ ազատութեան գիտութիւնը շատ աւելի կարեւոր է: Առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց աշակերտներուն, իրենց աջ ձեռքերը բարձրացնեն նահատակներուն` իրենց ըսելու համար, որ «Այսօր մենք ձեր բռնած ջահը շալկած ենք եւ իբրեւ նահատակներու քաջ սերունդ կը շարունակենք ջահը բռնած պահել եւ այդպէս ալ պիտի մնանք»: Աւարտին իւրաքանչիւր վարժարան ծաղկեպսակ զետեղեց Նահատակաց յուշարձանին դիմաց: