ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 14 Ապրիլին, ընկերային կազմաւորման ծիրէն ներս, Ժ. Դասարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան խաղ-դասախօսութեան մը՝ “Conflict transformation”-ի մասին։ Րաֆֆի Ֆեղալի խաղերու ընդմէջէն աշակերտներուն բացատրեց, թէ ի՛նչպէս պէտք է վարուիլ դիմացինին հետ անհամաձայնութեան մը պարագային, եւ թէ ի՛նչպէս միշտ դէպքի մը ժխտական կողմերը կարելի է դրականի վերածել։։ Աշակերտները շատ գոհ մնացին այս հանդիպումէն եւ փափաքեցան, որ նոյնանման առիթ մը եւս ստեղծուի։ Յիշենք, որ Րաֆֆի Ֆեղալի նոյն նիւթը արծարծեց նաեւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտներուն հետ, 9 եւ 16 Ապրիլին։ Ալին Գէորգեան Ժ. դասարան