ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 6 Մայիս 2011-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տարեկան ճաշկերոյթը, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ի նպաստ Ճեմարանի սաներու ֆոնտին հանգանակուեցաւ 150 000 ԱՄՆ տոլար, որուն 50 000 տոլարը նուիրեցին ճաշկերոյթին նախագահող Տէր եւ Տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեանները: Այս առիթով Ճեմարանի տնօրէնութիւնը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց նուիրատու ամոլը: Ճաշկերոյթի ընթացքին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը պատուեց Հ.Հ. Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան յուշամետալով՝ «կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտին մէջ մեծագոյն աւանդի եւ ազգանուէր ու հայանպաստ գործունէութեան համար»: Ճեմարանի հայակերտման եւ մարդակերտման առաքելութեան ճամբան հարթելու ու դպրոցին յարատեւ վերելքին սատար կանգնելու նպատակով կազմակերպուած ճաշկերոյթը աւարտեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Վարձքը կատար բոլոր նախաձեռնողներուն, կազմակերպողներուն ու գործնականացնողներուն եւ շնորհակալութիւն նիւթական թէ բարոյական գետնի վրայ կրթական այս հաստատութեան նեցուկ կանգնող՝ ճաշկերոյթին ներկայ եւ բացակայ Ճեմարանի մեծ ընտանիքին: Ճաշկերոյթին մանրամասնութիւնները կը փոխանցենք հետագային: