ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՕՐ

Զատկուան արձակուրդի նախօրեակին, Չորեքշաբթի, 20 Ապրիլին, Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ժամանեցին առանց պայուսակի՝ կենսոլորտի նշանակը կրող յատուկ տարազներ հագած։ Թէեւ դպրոցական սովորական օր մը չէր, սակայն՝ նոյնքան դաստիարակիչ։ Տարրական բաժինէն մինչեւ երկրորդական, աշակերտ թէ ուսուցիչ, տնօրէնութիւն, պաշտօնէութիւն, տնտեսուհիներ, բոլորը լծուեցան աշխատանքի, եւ կենսոլորտի մասին բծախնդրօրէն պատրաստուած յատուկ ծրագիր մը գործադրուեցաւ։ Ամբողջ օրուան ընթացքին դպրոցին բակերուն, սրահներուն եւ դասարաններուն մէջ զանազան աշխատանքներ կատարուեցան։ Աշակերտները մաքրեցին իրենց դասարանները եւ դպրոցին շրջակայքը, ծաղիկներ ու բոյսեր ցանեցին բակերուն ծաղկանոցներուն մէջ, տեղեկութիւններ ստացան առողջ եւ սննդարար ուտելիքներու մասին, կենսոլորտի մասին տեսերիզ դիտեցին։ Վերամշակման եւ աղբերու զտման մասին տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, միջնակարգի եւ երկրորդականի կարգ մը դասարաններու աշակերտներ աղբերու զտման գործարան այցելեցին ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ։ Աւելի փոքր դասարաններու աշակերտներուն յատուկ ժամ տրամադրուեցաւ արուեստի զանազան մարզերու ընդմէջէն կենսոլորտի վերաբերող աշխատանքներ տանելու, ինչպէս՝ պար, երգ, թատրոն, գծագրութիւն եւ ձեռային աշխատանք։ Աւարտական դասարանի աշակերտները դպրոցէն իրենց հրաժեշտին առիթով, երեք ձիթենիներ տնկեցին մանկապարտէզի պարտէզին մէջ իրենց ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան ներկայութեան։ Ժամը 2։00-ին, օրուան զանազան աշխատանքներուն մասին տեսասալիկի ցուցադրութիւն տեղի ունեցաւ Ատրինէ Գարագաշեան սրահին մէջ։ Բոլորը թէեւ յոգնած, բայց գոհ եւ ուրախ մեկնեցան դպրոցէն։