ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՆԳ

Եւ ահա հասաւ դպրոցին աւարտը։ Երկուշաբթի, 18 Ապրիլի երեկոյեան, Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ, տեղի ունեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն կազմակերպած հրաժեշտի խորովածի երեկոն՝ տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցիչներու ներկայութեամբ ։ Ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ, կերուխումէ ետք, աշակերտները պատմեցին իրենց դպրոցական յուշերէն։ Աւարտական դասարանէն Հրակ Գարագաշեան կիթառով նուագեց ու երգեց այս առթիւ գրած իր զգացումները՝ յուզելով բոլոր ներկաները։ Ապա ուսուցիչները իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին աշակերտներուն եւ յաջողութիւն մաղթեցին անոնց։ Երեքշաբթի, 19 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 5։00-ին, աւարտականները կրկին հաւաքուեցան դպրոցի մուտքին՝ «100 % Ճեմարանական» գրութիւնը կրող տարազներով, ինչպէս նաեւ սուլիչներով ու թմբուկներով զինուած, հայկական պարերով ու երգերով անոնք դիմաւորեցին աշակերտութիւնն ու անձնակազմը։ Ապա վերջին անգամ իբրեւ դպրոցական աշակերտներ իրենց առաւօտեան աղօթքէն ետք, գացին մանկապարտէզ, ուր կէս ժամ խաղացին փոքրիկներուն հետ։ Ժամը 8։00-ին, աւարտականները մեկնեցան դէպի Ն.Փ. Ճեմարան, ուր Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի կիսանդրիներուն առջեւ երգեցին Ճեմարանի քայլերգը։ Ապա այցելեցին Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատան մէջ գտնուող Հրաչ Տասնապետեանի եւ Մուշեղ Իշխանի դամբարանները, ուր եւս երգեցին Ճեմարանի քայլերգը։ Դպրոց վերադառնալէ ետք, աւարտականները ճաշեցին եւ պատրաստուեցան վերջին զանգին, որ չուշացաւ…։ Պարերով, ուրախ կանչերով, բայց յուզուած ներաշխարհով անոնք հրաժեշտ տուին իրենց դպրոցական կեանքին։ Կարօ Ֆէսլեան ԺԲ. դասարան