ԶԱՏԻԿԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2011-ին, Նորսիկեան մանկարպարտէզի աշակերտները տօնեցին Ս. Զատիկը իրենց ծնողներուն ներկայութեամբ: Փոքրիկները մեծ խանդավառութեամբ երգեցին ու պարեցին, ապա բոլորը ուղղուեցան պարտէզ, ուր տեղի ունեցաւ հաւկթախաղը: Փոքրիկները սեղաններու շուրջ բոլորուած հաւկիթ խաղացին եւ կերան իրենց պատրաստած չէօրէկը: