ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 7 Մայիս 2011-ի յետմիջօրէի ժամը 3։30-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ Նորսիկեան մանկապարտէզի ցուցահանդէսը՝ ներկայութեամբ տնօրէնութեան, Ճեմարանի անձնակազմին, ծնողներու եւ բարեկամներու։ Մանկապարտէզին բակը վերածուած էր հրաշալիքներու աշխարհի. ամէն կողմ գունաւոր, ամէն կողմ զարդարանք. հոս՝ Ծիծեռնակաբերդը, հոն՝ Շուշիի ազատագրումը, քիչ մը անդին՝ դղեակներ, պալատներ, իսկ չորս կողմերը՝ ծաղկամաններ, թաղարներ, ծաղիկներ, պայուսակներ, դգալներ…։ Արուեստագէտ փոքրիկները իրենց աշխատանքները կատարելու յատուկ ձեւեր որդեգրած էին՝ պատռել, «փիք-փիք», ճմռթկել, ծալել, վրձինով աշխատանք, զարդարել, «մոզայիք», խմորով աշխատանք, փակցնել, ինչպէս նաեւ՝ ժպիտ, սէր եւ համբերութիւն։ Բակին մէկ անկիւնը ստանձնած էր Ծնողական Խորհուրդը։ Հոն կը վաճառուէին անուշեղէնի տեսակներ ու զովացուցիչներ։ Աշակերտներուն համար ալ յատուկ խաղեր դրուած էին ուրիշ անկիւն մը։ Տօնական մթնոլորտ կը տիրէր ամէն կողմ։ Ուսուցիչ, տնօրէն, աշակերտ, ծնողք ձեռք-ձեռքի շուրջպար կը պարէին։ Ցուցահանդէսը կը միտի աշակերտին մօտ զարգացնել գեղեցիկի ճաշակը, ստեղծագործելու փափաքը, արտայայտուելու առիթ տալ ամչկոտ աշակերտին, վարժեցնել զայն խմբական աշխատանքի, բնութիւն-աշակերտ կապ ստեղծել…։ Երեկոյեան ժամը 9։00-ին երաժշտութիւնը կանգ առաւ։ Շնորհակալութիւն ծնողներուն, Ճեմարանի բարեկամներուն, որոնք ներկայ գտնուեցան ցուցահանդէսին, քաջալերեցին մեզ եւ գնահատեցին կատարուած աշխատանքը։ Յատուկ շնորհակալութիւն Ծնողական Խորհուրդին իր ժրաջան աշխատանքին համար։ Վարձքը կատար մանկապարտէզի ուսուցիչներուն, որոնք ջանք ու ճիգ չխնայեցին յաջողցնելու այս ձեռնարկը։