ՅԱՐԳԱՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Ուրբաթ, 6 Մայիսին, միջնակարգի Ը., Թ. եւ երկրորդականի Ժ.,ԺԱ. դասարաններու աշակերտները, լիբանանահայ այլ վարժարաններու կողքին, մասնակցեցան Ազգային առաջնորդարանին կազմակերպած, Նահատակաց տօնին առիթով ձեռնարկին եւ ծաղկեպսակներու զետեղումին` Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանին դիմաց։ Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ եւ Ճեմարանի ուսուցիչ Ճորճ Գրիգորեան: Ան հաստատեց, որ Մայիս 6-ի նահատակները առաջիններն…
