ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ԽՈՀԱՆՈՑԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Երկուշաբթի, 1 Մարտ 2010-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին տեղի ունեցաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Նորսիկեան Մանկապարտէզի նորակառոյց խոհանոցի բացման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ բարերարներուն, Ճեմարանի պաշտօնէութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներուն, մանկապարտէզի ու մանկամսուրի աշակերտութեան: Արդիական այս խոհանոցին կառուցումը կարելի եղաւ իրականացնել բարերարութեամբ Տէր եւ Տիկին Վրէժ եւ Սալմա Սապունճեաններու եւ…