ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ԽՈՀԱՆՈՑԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Երկուշաբթի, 1 Մարտ 2010-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին տեղի ունեցաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Նորսիկեան Մանկապարտէզի նորակառոյց խոհանոցի բացման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ բարերարներուն, Ճեմարանի պաշտօնէութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներուն, մանկապարտէզի ու մանկամսուրի աշակերտութեան: Արդիական այս խոհանոցին կառուցումը կարելի եղաւ իրականացնել բարերարութեամբ Տէր եւ Տիկին Վրէժ եւ Սալմա Սապունճեաններու եւ Տէր եւ Տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեաններու: Բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մանկապարտիզպան Թալին Եահնիեան: Ան ըսաւ.«Վերջապէս մեր գեղեցիկ երազներէն մէկը իրականացաւ: Այս օրուընէ սկսեալ մեր փոքրիկներուն տաքուկ ճաշերը եւ անուշեղէնները պիտի պատրաստուին այս արդիական խոհանոցին մէջ: Այս խոհանոցով մեր դաստիարակչական աշխատանքները քայլ մը առջեւ պիտի երթան, որովհետեւ հոս փոքրիկները խոհանոցային աշխատանքներ ալ պիտի կատարեն, երբեմն նոյնիսկ ծնողներու ներկայութեան»: Ապա ան մանկապարտէզի աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն: Բարի գալուստի եւ շնորհակալական խօսքէն ետք, Ճեմարանի գործադիր տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան յայտարարեց Ճեմարանի 80 ամեակը նշող ձեռնարկներու շարքին սկիզբը: Ան ըսաւ.«80 տարիներ առաջ, Մարտ 3-ին, վարձու շէնքի մը մէջ, 15 աշակերտներով ծնունդ առած Ճեմարանը այժմ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը 735 աշակերտներով: Ան յարատեւ զարգացման մէջ է՝ շնորհիւ ձեր համագործակցութեան եւ Ճեմարանի բարերարներուն»: Ան Նորսիկեան մանկապարտէզը որակեց Լիբանանի լաւագոյն մանկապարտէզներէն մէկը եւ շնորհաւորեց մանկապարտէզի աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը: Բացման հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: