ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ «ՄԻՀՐ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 27 Յունուար 2010-ին, լսարանական միութեան աշակերտներուն հիւրերն էին «Միհր» երաժշտական խումբի անդամներէն Ճեմարանի շրջանաւարտ Հայկ Կրակեանն ու Սիմոն Գալայճեանը: Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան վարչութեան անդամ Փաթիլ Եսայեան ապագայ շրջանաւարտներուն ամփոփ կերպով ներկայացուց Ճեմարանի Շրջանաւարտներու Միութիւնը (անդամակցում, աշխատանք, ձեռնարկներ…), ապա Հայկ Կրակեանն ու Սիմոն Գալայճեանը աշակերտութեան ծանօթացուցին «Միհր»ը, խօսելով իրենց անցեալին, երգելու ոճին եւ մօտ օրէն տեղի ունենալիք համերգին մասին: Հանդիպումը աւարտեց Հայկ Կրակեան «Միհր»ի երգերու շարքով մը՝ կիթառի ընկերակցութեամբ: Աշակերտները չբաւարարուեցան ներկայացուած երկու երգերով եւ պահանջեցին աւելին: Ոմանք Խանդավառութեամբ արդէն իսկ ապահովեցին համերգի իրենց տոմսերը: Սանահին Գասապեան ԺԲ. դասարան