ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

2009-2010-ի աւարտական դասարանը կիսամեայ քննութիւններուն վերջին օրը ձիւնագնացութեան յարմարագոյն առիթը նկատեց: Չորեքշաբթի, 10 Փետրուարի կէսօրին բոլորս խանդավառ ուղղուեցանք դէպի Ֆարայա Պրն. Վաչէին, Օրդ. Ալինին եւ Տիկ. Ռոզինին ընկերակցութեամբ: Վերջապէս հասանք բոլորիս հետաքրքրութեան առարկայ դարձած վայրը՝ մեր իջեւանը, Mount Smash պանդոկը : Պայուսակները հոս կամ հոն նետելէ ետք, աշակերտները անմիջապէս ցրուեցան շրջապատին ծանօթանալու նպատակով: Իջեւանին ժամանցի միջոցները այլազան էին: Միւս կողմէ արուեստագէտ աշակերտներ, նուագող թէ երգիչ, խմբուած էին դաշնամուրին շուրջ: Իսկ մտաւորական աշակերտները սեղանի մը շուրջ բոլորուած կը լուծէին փիլիփոփայական վերացական անվերջանալի հարցեր: Հետաքրքրականը այն էր, որ բոլորիս մէջ արթնցած էր մարզանքի հանդէպ սէր մը: Աղջիկները կը վազէին gym-ի յատուկ մեքենաներուն վրայ, տղաքը կը լողային, իսկ ուրիշներ ping-pong կը խաղային: Ըստ աշակերտներուն, այս բոլորը ֆրանսական պաքալօրէայի պատրաստութեան մէկ մասն էր: Ընթրիքէն ետք, բոլորս հաւաքուեցանք կրակարանին շուրջ եւ երաժշտութեան ունկնդրութեամբ ու շուրջպարով ճոխացուցինք մթնոլորտը: Ժամանակը անցաւ, եւ անցանք սենեակ: Սկսան «մաֆիա»-ի խաղերն ու կատակներու շարանը, որոնք երկարեցան մինչեւ առաւօտեան ժամը հինգ-վեց: Ի վերջոյ յոգնութիւնը ուժասպառ ըրաւ մեզ: Առտուան դէմ խաղաղութիւն տիրեց, ու բոլորս գէթ քանի մը վայրկեան կրցանք հանգստանալ: Արագ նախաճաշէ մը ետք, ցրուեցանք ձիւներուն վրայ: Ոչ ոք յոգնած էր, բոլորը ուրախ էին: Պրն. Վաչէին ինքնաշարժը ձիւնով ծածկելէ ետք, կրկին հաւաքուեցանք՝ այս անգամ պայուսակները դասաւորելու համար: Հանրաշարժին մէջ յոգնած ու հանդարտ էինք, սակայն՝ ուրախ: Մեր փափաքներէն մէկը իրականացած էր: Հասանք դպրոց ու ապա՝ մեր տուները: Անմոռանալի ձիւնագնացութիւն մըն էր: Շողեր Յովհաննէսեան ԺԲ. դասարան