80 ԱՄԵԱԿԻ ՊԱՏԻ ԹԵՐԹ

Ը. դասարաններու աշակերտներու նախաձեռնութեամբ Ճեմարանի գրասենեակներուն մօտ գտնուող պատի թերթը Մարտ ամսուան տեւողութեան պիտի զարդարուի 80 ամեակի գրութիւններով ու նկարներով: