ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Չորեքշաբթի, 10 Փետրուար 2010-ին, Մանկապարտէզի, Տարրական բաժնի եւ Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները ծպտուած դպրոց եկան: Անոնք իրենց հետ չիր ու չամիչ բերած էին անուշապուրի պատրաստութեան համար: Առաջին եւ երկրորդ պահերուն անուշապուրը պատրաստուեցաւ, աշակերտները Բարեկենդանի եւ Վարդանանքի նուիրուած երգեր երգեցին եւ քերթուածներ արտասանեցին: Զբօսանքէն ետք, հիւր դասախօսը՝ Տէր Թորգոմ աբեղայ Տոնոյեանը, 15 վայրկեանի սահմաններու մէջ աշակերտներուն փոխանցեց Բարեկենդանի եւ Տեառնընդառաջի խորհուրդը: Դասախօսութենէն ետք աշակերտութիւնը բակ ելաւ: Աշակերտները դասարան-դասարան խմբուեցան իրենց դաստիարակներուն շուրջ եւ խմբական խաղերով ժամանակ անցուցին: Աշակերտները գոհ ու խանդավառ վերադարձան տուն: