ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ՎԱՐԴԱՆԱՆՔԸ

Հինգշաբթի, 10 Փետրուար 2010ին, մինչ նախակրթարանի Ե. դասարանէն սկսեալ Ճեմարանի աշակերտները կիսամեայ քննութիւններուն վերջին օրը կ’անցընէին, մանկապարտէզի փոքրիկները հայրենասիրութեամբ եւ Քաջ Վարդանի զինուոր դառնալու փափաքով տոգորուած՝ կը տողանցէին մանկապարտէզի բակին մէջ: Փոքրիկները իրենց գլխուն կը կրէին Քաջ Վարդանին թագերը: Անոնք մեծ խանդավառութեամբ երգեցին Վարդանի ու Աւարայրի ճակատամարտին նուիրուած երգեր եւ պարեցին հայկական պարեր: