Ե. ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ WOODEN BAKERY

Երկուշաբթի, 22 Փետրուար 2010-ին, նախակրթարանի Ե. դասարաններու աշակերտները այցելեցին Wooden Bakery: Այցելութիւնը կ\’իյնար արաբերէն դասին բանաւոր արտայայտութեան ծիրէն ներս: Արաբերէնի ուսուցչուհի Տիկ. Տօրա Ղազալ աշակերտները պատրաստած էր համապատասխան բառապաշարի մը տիրապետման, որ այցելութեան բուն նպատակն էր: Իւրաքանչիւր աշակերտ առիթը ունեցաւ արաբերէն լեզուով գնում կատարելու: Դպրոց վերադարձին, աշակերտները հաւաքաբար ճաշակեցին իրենց գնած պանրեղէնը, ծոթրինահայսը (մէնէիշ), ձիթապտուղը, խոզապուխտը, հացի տեսակները, եւայլն: Աշակերտներուն խանդավառութիւնը անսահման էր, երջանկութիւնը՝ աննկարագրելի, յատկապէս երբ ախորժակով եւ միասնաբար նախաճաշեցին: