ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 10 Փետրուար 2010-ին, մանկապարտէզի աշակերտները բարեկենդան տօնեցին: Անոնք ծպտուած երգեցին ու պարեցին, կարկանդակ կերան, ապա կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու աշակերտները այցելեցին տարրական բաժին, ուր միացան իրենց «մեծ» ընկերներուն եւ միասնաբար շարունակեցին տօնակատարութիւնը: