«ՄԻՀՐ»Ը ԿԱՏԱՐԵՑ ՌՈՔ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԵԼՈՅԹԸ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փալանճեան – Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտից միութեան, Շաբաթ, 6 Փետրուար 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ելոյթ մը՝ կատարողութեամբ «Միհր» խումբին: Ելոյթին սկիզբը Համազգայինի Փալանճեան – Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտից միութեան անունով խօսք արտասանեց Փաթիլ Եսայեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց խումբին բոլոր անդամներուն, որոնք համաձայն գտնուեցան ունենալու այս ելոյթը, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի «Ճեմարանի սաներու ֆոնտ»ին: Ապա «Միհր»ը իր փրոկրեսիվ ռոք երաժշտութեամբ թնդացուց թատերասրահը՝ հնչեցնելով հայ ռոք երաժշտութեան հսկաներէն Արթուր Մեսչեանի երգերն ու նուագները: Արթուր Մեսչեանի երգերու մեկնաբան եւ «Միհր» նուագախումբը ստեղծող հայ երիտասարդ Հայկ Կրակեանի ընկերակցեցան անոր բարեկամները՝ Սիմոն Գալայճեան՝ (երգեհոնահար), Յովսէփ Աղճեան (տրամզ), Մարտիկ Փալազեան (ջութակ), Նայիրի Գալայճեան (թաւջութակ) եւ Մարթըն Նասիֆ (պէյս կիթառ): Իր տեսակին մէջ իւրայատուկ այս ելոյթին ընթացքին երիտասարդ երգիչը, որ իր կարգին կը նուագէր նաեւ ելեկտրական կիթառը, սրահին մէջ հնչեցուց Արթուր Մեսչեանի երգերէն «Նոյն քաղաքն է», «Հինգ դար առաջ», «Իմ տարիները», «Ո՞ւր էիր Աստուած», «Քայլեր», «Աշխարհի ցաւով», «Ամէնը ձեզ», «Ես փոխում եմ սլաքները», եւ «Ահա եւ վերջ» երգերը, «Քաթարսիս» նուագը, ինչպէս նաեւ «Միհր» խումբին յօրինումներէն «Պրէյք տը սայլընս» անգլերէն երգը եւ «Հոն էի» անունով երգ մը, որուն բառերը կը պատկանին Արա Գասապեանի, իսկ երաժշտութիւնը՝ Հայկ Կրակեանի: Ելոյթին հիւրաբար իր մասնակցութիւնը բերաւ Ալին Նաքքաշեան, որ մեկնաբանեց «Պըրտսոնկ» երգը: Փոքր տարիքէն Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ դասական կիթառի դասընթացքներու հետեւած եւ հայկական երաժշտութեան մօտիկ մնացած, ճեմարանական Հայկ Կրակեան, շարունակած էր խորացնել կիթառ նուագելու իր հմտութիւնը եւ անցնելով ելեկտրական կիթառ նուագելու հանգրուանին նուագած էր ու տաղանդաւոր հայ երաժիշտ Արթուր Մեսչեանի նուագը հնչեցուցած՝ զանազան առիթներով: Ի վերջոյ ան որոշած էր ունենալ իր խումբը եւ ներկայանալ հանրութեան, առանց նիւթական որեւէ ակնկալութեան: Փափաքելով, որ իր խումբին անունը ըլլայ հայկական եւ հայ ժողովուրդի անցեալին ու պատմութեան հետ կապ ունեցող անուն մը, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ պատմաբանութեան ճիւղի ուսանող Հայկ Կրակեան յարմար նկատած էր, որ խումբը կոչուի «Միհր», որ հայկական դիցաբանութեան մէջ կը խորհրդանշէ արեւու աստուածը: Յայտնենք, որ ելոյթին ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ լուսանկարներու ներկայացում, որուն իրենց կամաւոր մասնակցութիւնը բերին Հայկ Կրակեանի բարեկամներէն Պերճ Թորոս, Վրոյր Ճուպանեան, Պեթի Քեչեճեան եւ Մհեր Գրիգորեան: