ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀԱՅՐԵՆԻ ԼՐԱԳՐՈՂ ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 20 Յունուար 2010-ին, հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեան այցելեց Ճեմարան եւ ներկայացուց «հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերջին զարգացումները եւ անոնց կապը Արցախի հարցին» նիւթը լսարանական միութեան աշակերտներուն :Դասախօսութենէն ետք հարցումներու առիթ տրուեցաւ, եւ աշակերտները մանրամասնութիւններ խնդրեցին դասախօսէն զիրենք յուզող հարցերու մասին: Հանդիպման աւարտին, հայրենի լրագրողը գոհունակութեամբ յայտարարեց.«Շա՛տ հետաքրքրական լսարան է ինծի համար»: Թէեւ պահը աւարտած էր, եւ տուն վերադառնալու ժամն էր, բայց տասնեակ մը աշակերտներ դասախօսին տուած տեղեկութիւններէն չյագեցած, զինք շրջապատած շարունակեցին իրենց հարցումներու տարափը: Հրակ Փափազեան ԺԲ. Գիտական դասարան