ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ «ԳԻՔՈՐ»Ը

Հինգշաբթի, 21 Յունուար 2010-ին, Թ. դասարանի աշակերտները դիտեցին Թումանեանի «Գիքոր» պատմուածքին տեսերիզը: Անոնք իրենց հայերէնի դասանիւթին ընդմէջէն արդէն իսկ ծանօթ էին նիւթին: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին ամբողջական պատմուածքը եւ ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները այդ ժամանակաշրջանի վիրահայութեան ու հայ գիւղացիութեան կենցաղին մասին: Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, դասարանէն ներս տեղի ունեցաւ քննարկում մեծ մտաւորականին ոճին մասին, պատմուածքին հերոսներուն նկարագրային գիծերուն եւ ընդհանրապէս հեղինակին մատնանշած դասակարգային խաւերու ու ընկերային միջավայրերու կենցաղային տարբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ մարդկային անարդարութեան մասին, եւայլն: