«ՀՈՐԻԶՈՆ» ԹՄՐԱՄՈԼՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Կազմակերպութեամբ «Հորիզոն» թմրամոլութեան կեդրոնին, Շաբաթ 14 Մայիսին, «Հորիզոն»ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական սեմինար մը, որուն մասնակցեցան իւրաքանչիւր հայկական վարժարանի Ժ. դասարանէն երկու աշակերտներ։ Ճեմարանի աշակերտներէն Թալին Քերթեշեան եւ Փաթիլ Պէրպէրեան մասնակցեցան սոյն սեմինարին, որուն աւարտին իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ վկայագիր։ Չորեքշաբթի, 25 Մայիսին «Հորիզոն» թմրամոլութեան կեդրոնէն Հուրի Ճինպաշեան եւ Դալար Մահսերեճեան այցելեցին Ճեմարան եւ Ժ. դասարանի աշակերտներուն փոխանցեցին «Հորիզոն»ի մասին տեղեկութիւններ, ապա միասնաբար դիտեցին «Recquiem for a dream» տեսերիզը, որ կը բացայայտէ թմրամոլին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ընկերութեան վերաբերումը անոր հետ։