ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿԵՆԴԱՆԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶ

Երկուշաբթի, 23 Մայիսին մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Նահր Էլ Քելպի կենդանաբանական պարտէզը (Animal City)։ Փոքրիկները հաճելի ժամանակ անցուցին դիտելով անասունները եւ ամրապնդելով անոնց մասին իրենց ունեցած տեղեկութիւնները: Անոնք ուրախ եւ խանդավառ վերադարձան դպրոց։