ԼԵՎԱՄ-Ի 42-ՐԴ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ԼԵՎԱՄ-ի կազմակերպած միջդպրոցական խաղերու 42-րդ տարեշրջանի աւարտական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 22 Մայիս 2011-ին։ Աղջիկներու աւարտական խաղերէն ետք տեղի ունեցաւ փինկ-փոնկի, ճատրակի եւ վազքի վկայագիրներու տուչութիւն: Ստորեւ` պասքեթպոլի մրցումներուն արդիւնքները. Միջակ աղջիկ` Ճեմարան – Եղիշէ Մանուկեան 36-28 Մեծ աղջիկ` Ճեմարան – Ս. Հռիփսիմեանց 33-38 Միջակ տղաք` Ճեմարան – Մեսրոպեան 63-54 Մեծ տղաք` Ճեմարան – Ս. Հռիփսիմեանց 72-69 Լաւագոյն մեծ մարզիկ Հրակ Գարագաշեան (Ճեմարան) Լաւագոյն միջակ մարզիկ Արամ Աբրահամեան (Ճեմարան) Պասքեթպոլի ընդհանուր դասաւորման մէջ Ճեմարանի միջակ աղջիկները հանդիսացան առաջին, իսկ մեծ աղջիկները՝ երկրորդ, միջակ տղաքը եւ մեծ տղաքը՝ առաջին։ Ֆութպոլի դասաւորման մէջ Ճեմարանի փոքր տղաքը հանդիսացան երրորդ, իսկ միջակ տղաքը՝ երկրորդ։ Ճեմարանի աշակերտներէն ֆութպոլի լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցան միջակ տղոցմէ Յակոբ Նաճարեան, իսկ փոքր տղոցմէ՝ Րաֆֆի Խալոյեան Մեր աշակերտներէն փինկ-փոնկի վկայագիր ստացան. Հրակ Գարաքաշեան, Սարհատ Գեթսեմանեան, Դալար Պոյաճեան, Փաթիլ Չիվեան, Աւօ Մնջրեան, Յակոբ Միսիրեան, Նենսի Մումջօղլեան, Լալիկ Աղասարգիսեան, Շանթ Գէորգեան, Ռիթա Ֆերմանեան, Գարլա Օհաննէսեան, Ֆիլիփ Քեչեկ, Բիւրակ Խանճիհանեան, Նարեկ Փանոսեան, Թաշա Լունա Խաչատուրեան, Մանէ Պասմաճեան: Վազքի վկայագիր ստացող Ճեմարանի աշակերտներն են. Յովիկ Պէրպէրեան, Արին Թաշճեան, Կրէյս Միսիրեան, Կրէյս Մարտիրոսեան, Մակի Զաքարեան, Սարօ Նոխուտեան, Մեղրի Թորոս, Սարհատ Գեթսեմանեան, Արին Գասապեան, Կարին Կէօքճեան, Հրակ Գարագաշեան, Լոռի Թաշճեան: Ճատրակի վկայագիր ստացան հետեւեալ աշակերտները. Հրայր Գասապեան, Վահագն Ղազարեան, Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան, Նարօտ Գլըպոզեան, Լոռի Պէրպէրեան, Կարէն Խալոյեան, Արի Աւետիս, Լեւոն Գալայճեան, Հայկ Աւետիս, Գարլօ Դարբինեան, Վարագ–Կայծ Չաքրեան, Մանէ Պասմաճեան, Հրակ Գլըպոզեան, Ալեքսանտր Էլպեքեան, Ռիթա Արոյեան, Քրիսթել Յովսէփեան, Արամ Աբրահամեան, Խաժակ Թապաքեան, Պերճ Քերթեշեան, Բալիկ Արոյեան: