ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ԴԱՍԱՒԱՆԴՄԱՆ ՄԵԹՈՏԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Շաբաթ, 21 Մայիսին աւարտեցան Ճեմարանի արաբերէն լեզուի ուսուցիչներու վերաորակաւորման դասընթացքները նախակրթարանին համար: Տնօրէնութեան կողմէ նախաձեռնուած եւ Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի կողմէ կազմակերպուած (USJ, Institut Libanais d’Educateurs) այս դասընթացքները, գլխաւորութեամբ տիկ. Ալիսար Ապի Հայտարի, մեր ուսուցչուհիներուն փոխանցեցին արաբերէն լեզուն արդիական ձեւերով մատուցելու եւ աշակերտը սորվելու գործընթացին մէջ ներգրաւելու այլազան ռազմավարութիւնները: Տիկին Ալիսար Ապի Հայտար արաբերէն լեզուի հմուտ դասատու եւ փորձառու մանկավարժ է: Շնորհիւ իր օտար լեզուներու տիրապետութեան եւ իր ասպարէզին ընթացքին ունեցած այլազան փորձառութիւններուն, ան իրազեկ կը մնայ լեզուներու մատուցման վերաբերող այլազան կերպերուն եւ արդիականացման ձեւերուն: Ինը շաբաթներու վրայ երկարող եւ 36 ժամեր ամբողջացնող այս դասընթացքներուն ընթացքին, ան արաբերէն լեզուի զանազան հմտութիւնները աշակերտին մատուցելու ձեւաչափը եւ կշռոյթը փոխանցեց մեր ուսուցիչներուն: Բոլոր լեզուներուն նման, այդ հմտութիւնները կը վերաբերին լեզուն ճիշդ խօսելու, ճիշդ գրելու, լաւ կարդալու, ինչպէս նաեւ լեզուն հասկնալու, մտիկ ընելու կամ արձակն ու բանաստեղծութիւնը գնահատելու կարողութիւններուն: Այս դասընթացքներուն մասնակցեցան նաեւ ֆրանսերէն եւ հայերէն լեզուի մեր կարգ մը ուսուցչուհիները՝ լեզուներու դասաւանդման նորանոր մեթոտները իրենց դասարաններուն մէջ փորձի ենթարկելու հեռանկարով: