ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Ուրբաթ, 20 Մայիս 2011-ի առաւօտեան ժամը 9։30-ին տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները նշեցին մայրերու տօնը։ Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ աշակերտները արտասանեցին եւ երգեցին երեք լեզուներով։ Ա2 դասարանի իւրաքանչիւր աշակերտ մաղթանք մը ըսաւ իր մօրը, իսկ Ա1 դասարանի իւրաքանչիւր աշակերտ խոստում մը տուաւ իր մօրը։ Հանդիպումը աւարտեցաւ գարնան եւ մօր նուիրուած հայերէն երգերով, ապա իւրաքանչիւր աշակերտ վարդ մը եւ ձեռային աշխատանք մը նուիրեց իր մօրը։ Հիւրասիրութենէն ետք, աշակերտները տխուր սրտով բաժնուեցան իրենց մայրերէն։