ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 11 Մայիսին, տեղի ունեցաւ սեռային դաստիարակութեան վերաբերող դասախօսութիւն։ Տոքթ. Պերճ Տաքէսեան (մանկաբոյժ) նախակրթարանի Զ. դասարաններու աշակերտներուն խօսեցաւ ընդհանուր մարդակազմութեան, իգական եւ արական սեռային երկրորդական յատկութիւններուն, ծիներուն, բեղմնաւորման, յղութեան, ծննդաբերութեան, սաղմին եւ նորածինին մասին։ Դասախօսութեան աւարտին Տոքթ. Պերճ պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։