ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Ուրբաթ, 6 Մայիս 2011-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տարեկան ճաշկերոյթը, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան: Մարզական թէ մշակութային զանազան ձեռնարկներու պատշաճող նորակառոյց «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահը այդ օր իր շքեղ յարդարանքով վերածուած էր իսկական անդաստանի մը, որ աւելի եւս կը գեղեցկանար ներկայութեամբ Ճեմարանի մեծ ընտանիքին՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն, տնօրէնութիւն, Խնամակալութիւն, անձնակազմ, ծնողներ, շրջանաւարտներ եւ բարեկամներ։ Ճաշկերոյթի երեկոն սկսաւ Ցոլինէ Յակոբեանի դասական երգերու մեկնաբանութեամբ։ Տնօրէնութեան եւ Խնամակալութեան անունով Թալին Իշխանեան բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, որմէ ետք ելոյթ ունեցան Համազգայինի Գայեանէ եւ Քնար պարախումբերը։ Ապա պարբերաբար ելոյթ ունեցաւ լարային եռեակը՝ Առաքել Միքայէլեանի ղեկավարութեամբ ։ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան զեկուցական խօսքով մը անդրադարձաւ դպրոցական այս տարեշրջանի կարեւոր իրադարձութիւններուն՝ իրագործումներուն, նուաճումներուն, Ճեմարանին օժանդակող անհատներու եւ մարմիններու կատարած ներդրումներուն եւ նուիրատուութիւններուն։ Տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր օժանդակողներուն, ծնողներուն, ներկաներուն ու բացականերուն եւ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Ճեմարանը 81 տարեկան է. կանգուն, աշխոյժ, բարգաւաճող, միշտ բարելաւուող, բոլոր ասպարէզներուն մէջ յաջողութիւններ արձանագրող կրթական մայր օճախ է, հարուստ հայ ժողովուրդի վստահութեամբ։ Այսօր մեզի հետ են, բացի Համազգայինի մարմիններու ներկայացուցիչներէն, ծնողներէն ու բարեկամներէն, Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը։ Սիրելի ներկաներ, Համազգայինը, Հայոց Եկեղեցին ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը կանգնած են մեր թիկունքին. ինչէ՞ն պիտի վախնանք»։ Տնօրէնէն ետք, խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեան։ Ան անդրադառնալով Ճեմարանի բազմերես ու դժուար առաքելութեան, ըսաւ. «Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը այն վարժարանն է, որ կը ձգտի պատրաստել սերունդներ, որոնք լաւապէս ծանօթ են հայ լեզուին, հայ գրականութեան ու հայոց պատմութեան։ Ճեմարանը այն վարժարանն է, որ մտքի եւ հոգիի կրթութեան ճամբով կը ձգտի հայ երիտասարդին մէջ քաջալերել կազմութիւնը կարգ մը շատ կարեւոր նկարագրային յատկանիշներու։ Անոնցմէ են, առաջին հերթին, ազատութեան սէրը, արդարամտութիւնը, մտածումի անկախութիւնը, արժանապատուութեան զգացումը եւ համարձակութիւնը։ Ապա նաեւ, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, ինքնակարգապահութիւնը, ընկերասիրութիւնը, այլոց հանդէպ յարգանքը եւ համեստութիւնը, եւ վերջապէս՝ զարգացած քննական միտքը եւ գիտելիք ամբարելու բծախնդրութիւնը։ Ճեմարանը այն վարժարանն է, որ իր գոյութեան 80 տարիներուն ընթացքին պատրաստած է սերունդներ, որոնց գրկէն ծնունդ առած է բաւական մեծ փաղանգ մը ճեմարանականի առաքելութեան հաւատարիմ հայ մարդոց։ Հայ մարդիկ, որոնք իրենց կարողութիւնները առանց սակարկելու ի սպաս դրած են հայութեան գոյապայքարին՝ իբրեւ ուսուցիչներ, խմբագիրներ, մշակոյթի ծառայողներ, մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ։ Ութսունամեակի այս ուրախ առիթով հանդիսաւորապէս կը խոստանանք, որ Ճեմարանը եւ Ճեմարանի ընտանիքը պիտի չընկրկին դժուարութիւններու առջեւ, հաւատարիմ պիտի մնան Ճեմարանի բազմերես ու դժուար առաքելութեան եւ ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնեն՝ զայն լաւագոյնս իրագործել շարունակելու համար»։ Վաչէ Փափազեան յարգանքի յատուկ խօսք ուղղեց 80 տարիներու ընթացքին Ճեմարանը իր բարձրութեան վրայ պահած կրթական բոլոր մշակներուն, ինչպէս նաեւ յարգանքի եւ երախտագիտութեան խօսք՝ բոլոր անոնց, որոնք բարոյապէս թէ նիւթապէս թիկունք կանգնած են Ճեմարանին։ Վերջապէս, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց ճեմարաններու բարեկամներ Տէր եւ Տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեաններուն, որոնք միշտ կանգնած են ճեմարաններուն կողքին իրենց նիւթական առատաձեռն նուիրատուութեամբ՝ տասնամեակ մը առաջ Մարսէյի Ճեմարանին, իսկ այսօր՝ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին։ Այնուհետեւ Ճեմարանի կրթական առաքելութեան գնահատական իր խօսքը փոխանցեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան։ Ան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը պատուեց Հ.Հ. Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան յուշամետալով՝ «կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտին մէջ մեծագոյն աւանդի եւ ազգանուէր ու հայանպաստ գործունէութեան համար»: Երեկոն շարունակուեցաւ մտերմիկ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ։ Ընթրիքի ժամանակ, ի նպաստ Ճեմարանի սաներու ֆոնտին տեղի ունեցաւ հանգանակութիւն։ Այս առիթով Ճեմարանի տնօրէնութիւնը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց ճաշկերոյթին նախագահող Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան ամոլը, որ 50 000 տոլար նուիրելով հանգանակութեան գումարը հասցուց 150 000 ԱՄՆ տոլարի։ Ճաշկերոյթը աւարտեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Ներկաները գոհունակութեամբ մեկնեցան Գարագաշեան սրահէն. անոնք շուտով նոյն յարկին տակ հանդիպելու առիթը պիտի ունենան Ճեմարանի ամավերջի հանդէսներուն ընթացքին։