ԱՌՈՂՋ ԱԿՌԱՆԵՐ

Չորեքշաբթի, 11 Մայիսին, Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ակռաներու առողջապահութեան մասին դասախօսութիւն։ Տոքթ. Գարմէն Պոյաճեան-Մխճեան (ատամնաբոյժ) նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտներուն խօսեցաւ ընդհանուր մարդկային մարմնին մասին, առողջապահութեան եւ նախազգուշութեան կարեւորութեան մասին։ Ան շեշտեց ակռաներու խնամքին կարեւորութիւնը եւ մատնանշեց զանոնք մաքրելու ձեւերը։ Դասախօսութեան աւարտին, Տոքթ. Գարմէն պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։