ՊԱՏԻ՞Ժ, Թէ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ

Երկրորդական բաժինի ԺԱ. գիտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ սխալ արարքի մը համար պատժուեցան…։ Ի՞նչ էր պատիժը։ Մաքրել երկրորդական բաժինի տանիք-բակը, որ անցնող օրերուն Լիբանանի աւազախառն օդերեւոյթին զոհը դարձած էր։ Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ լուացին ու մաքրեցին բակը։ Անոնք օգտակար աշխատանք մը կատարած ըլլալու գոհունակութիւնը ունեցան։ Գոհ էր նաեւ բաժինի պատասխանատուն։ Յիշենք նաեւ, որ այս «պատիժ»ը մեծ բեռ մը վերցուց բաժինի տնտեսուհիին ուսերէն։