ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՔԱՐՏԷՍԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Հինգշաբթի, 5 Մայիս 2011-ին ԺԱ. դասարանի գիտական բաժնի աշակերտներս, մեր ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցինք Ալէյի մէջ գտնուող լիբանանեան բանակի քարտէսագրութեան կեդրոն, ուր կը պատրաստուին, կը գծուին եւ կը տպուին քարտէսներ եւ զինուորական այլ գիրքեր։ Դիմաւորուեցանք գնդապետ Նազօ Գաբրիէլեանի կողմէ, ապա երկու խումբի բաժնուեցանք եւ այցելեցինք տպարանը, պատրաստութեան գրասենեակը եւ քարտէսներու բաժինը։ Իմացանք, թէ գիրքը կը պատրաստուի նախ համակարգիչով, ապա կը ղրկուի տպարան, ուր քանի մը հանգրուաններէ անցնելէ ետք՝ վերջնական օրինակ մը մէջտեղ կու գայ։ Կը պատրաստուին չորս նախնական գոյներով չորս տեսակ նմոյշներ, որոնց հիման վրայ կը տպուին չորս հիմնական գոյները (սեւ, դեղին, վարդագոյն եւ կանաչ) թուղթին վրայ, որմէ ետք գոյները իրարու կը խառնուին, եւ կը ստանանք մեր ուզած խառնուրդները։ Նոյնքան մանրամասն ձեւով բացատրուեցաւ քարտէսներու պատրաստութիւնը՝ GPS-ի գործածութիւնը, արբանեակային նկարներու օգտագործումը եւ համակարգիչին դերը այս բոլորին մէջ։ Այցելութեան աւարտին հիւրասիրուեցանք եւ ստացանք մեր քարտէսները։ Թամար Սարգիսեան ԺԱ. դասարան