ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Հինգշաբթի, 26 Մայիսի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, պարման-պարմանուհի։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի խմբապետական կազմէն ներկայ էին եղբայր Անդօ Պոյաճեան եւ քոյր Շաղիկ Ճինպաշեան։ Բացման խօսքը կատարեց եղբայր Անդօն, որ անդրադարձաւ մեր գաղութէն ներս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական շարքերուն ու Մայիս 28-ի անկախութեան տարեդարձը այս ձեւով նշելուն կարեւորութեան։ Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն,Հայաստանի հանրապետութեան եռագոյն դրօշակը ծածանեցաւ դպրոցին վերեւ։ Արարողութենէն ետք խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ յայտնեց թէ Ճեմարանը աւելի եւս պէտք է նշէ Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը, որովհետեւ Ճեմարանի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեան, որուն յուշարձանին առջեւէն կ՚անցնինք ամէն օր ու կը բարեւենք, մեծ դեր ունեցած է Հայաստանի անկախութեան օրերուն։ Ան բացատրեց կարեւորութիւնը ազատ ու անկախ ազգ մը ըլլալու, որ գոյատեւման միակ ձեւն է։ Յայտնեց, որ հայը իրաւունք ունի իր անկախութիւնը ունենալու, մանաւանդ որ հարուստ մշակոյթ ունեցող ժողովուրդ ենք եւ մեր գաղթած երկիրներուն մէջ մեծ ներդրում ունեցած ենք։ Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, որ մենք իբրեւ Ճեմարանի աշակերտներ պէտք է միշտ տէրը ըլլանք մեր երկրի անկախութեան, ձգտինք ազատութեան տեսլականին ու սկսինք այդ մէկը փայլուն եւ ուշիմ ըլլալով մեր դպրոցին մէջ, որովհետեւ յարգանք կրնանք պարտադրել մեր զարգացումով եւ գիտութեամբ։ Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի երազանքը իրենց աչքերուն մէջ, Ճեմարանի ամբողջ ընտանիքը միասնաբար փակեց հանդիսութիւնը Հայաստանի քայլերգով։