ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ
Երկուշաբթի, 18 Ապրիլին միջնակարգի Ը. եւ Թ. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Պիքֆայա եւ հաւաքուեցան նահատակաց յուշարձանին մօտ։ Թ. դասարանէն Նարէ Աղասարգիսեան եւ Սէրուժ Հանտեան կարդացին Մեծ Եղեռնի յիշատակին առիթով իրենց խօսքը. «Մենք՝ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու աշակերտներս, եկած ենք ծաղկամատոյց կատարելու…