ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՊԱՀԻ ՀԻՒՐԵՐ

Պարբերաբար անասուններ կ՚այցելեն տարրական բաժինի Ա. դասարանները՝ գիտութեան դասերը կենդանացնելու նպատակով։ Աշակերտներէն ոմանք իրենց տուներէն կը բերեն անասուն մը եւ զայն կը ներկայացնեն իրենց ընկերներուն։ Դիտելով, շօշափելով ու քիչ մըն ալ զուարճանալով, աշակերտները կ՚ամրապնդեն անասուններու մասին իրենց ատացած գիտելիքները։