ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆ

Երկուշաբթի, 11 Ապրիլին ԺԱ. դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանին, այցելեցին Զուարթնոց կեդրոն։ Ինչպէս ամէն տարի, անոնք իրենց հետ տարին հիւրասիրութիւն, նուէր՝ կեդրոնին եւ Ճեմարանի աշակերտութեան կողմէ հանգանակութեան գումարը։ Կեդրոնի տնօրէնուհին՝ Արաքսի Տապաղեանը, բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն եւ բացատրեց թէ դիւրին չէ թերաճ մանուկներու հետ աշխատիլ, որովհետեւ շատ համբերութեամբ պէտք է վարուիլ անոնց հետ, անոնք շատ դանդաղ կ՚ընկալեն իրենց տրուածը։ Այցելութեան նպատակն է իրազեկ դարձնել աշակերտները, որ ընկերութեան մէջ տարբեր տեսակ անհատներ կան, որոնք իրաւունք ունին յարգուելու եւ ընդունուելու բոլորին կողմէ։ Այս անհատները օժտուած են սահմանափակ կարողութիւններով։ Անոնք կրնան դրսեւորել իրենց կարողութիւնները շատ մեծ ճիգով, մասնագէտներու օգնութեամբ։ Սիլվա Քիւրքճեան թելադրեց աշակերտներուն մէծ սէր եւ գուրգուրանք ցուցաբերել թերաճ մանուկներուն հանդէպ, որովհետեւ անոնք շատ զգայուն են եւ աւելի կը բարելաւուին երբ զգան որ ընդունուած ու սիրուած են մեզմէ։