ՊԱՏՈՒԱՍՏՈՒՄ

Համագործակցութեամբ Գարակէօզեանի ու առողջապահական նախարարութեան եւ հսկողութեամբ դպրոցի հիւանդապահուհի Քրիստին Մխճեանի, Մարտ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցան հետեւեալ պատուաստումները. -Պրկախտի (DT), հարսանիթի, գերմանական հարսանիթի եւ խուլականջի (MMR) պատուաստումները Զ. դասարանի աշակերտներուն։ -Մանկական անդամալուծութեան (polio) պատուաստումները մանկամսուրի, մանկապարտէզի, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն։